Viken L. Attarian

Սրտի խորագոյն կսկիծով դիմագրաւեցի շատ սիրելի Տոքթ. Արթօ Տեմիրճեանին մահուան գոյժը: Անշուշտ որ, բոլոր տարիքով այնքան յառաջացածներուն մօտ աւելի ակնկալելի կ’ըլլայ այս աշխարհէն մեկնումը, սակայն Արթօյին նման անձնաւորութիւններուն պարագային՝ միշտ ու միշտ կը ցանկանք որ կեանքը դեռ տակաւին մեզի առիթ մըն ալ ընծայէ նոյնիսկ գոնէ րոպէ մը աւելի վայելելու իր անզուգական ներկայութիւնը: Ինչ ձեւով ալ ներկայացուի ան, բոլոր ոլորտներուն մէջ որ գործած է եղած է գերազանց, սակայն բառեր չկան նկարագրելու այն հոյակապ մարդը որ կանգնած է այս բոլոր իրագործումներուն ետին: Բախտաւոր, շա՜տ բախտաւոր կը սեպեմ ինքզինքս զինքը ճանչցած ըլլալուս համար, եւ հպա’րտ՝ զինք ունեցած ըլլալուս համար որպէս բարեկամ մը ու խորհրդակից մը: Ինչպէս բոլոր Արթօն ճանչցողները՝ պիտի շա՜տ կարօտնամ զինք: Ադդարեան բոլոր ընտանիքին անունով, Խորին ցաւակցութիւններ իր բոլոր հարազատներուն, զաւակներուն ու թոռներուն, գործակիցներուն ու միութենական եւ ազգային բոլոր կառոյցներու հաւատաւոր ծառայողներուն: Իրականութեան մէջ՝ ցաւակցութիւն մեր ազգին ամբողջ: Տայ Աստուած որ արժանի ըլլանք նոր «Արթօ»ներ ունենալու: Իր հոգիին համար գլխիկոր եւ լռելեայն աղօթող, Վիգէն Լ. Ադդարեան: