Laisser un message

Laisser un message pour
Ara Palandjian

Ara Palandjian 01 novembre 1954 - 22 juillet 2021

Ara Palandjian 01 novembre 1954 - 22 juillet 2021

Կենսագրական գիծեր

              Արա Փալանճեան

Արա Փալանճեան ծնած է Նոյեմբեր 1, 1954-ին, Սուրիա, Հալէպ։ Ան պատանի տարիքին ծնողքին հետ փոխադրուած է Գանատա 1969 թուին: Յաճախած է Մոնթրէալի McGill համալսարանը, եւ աւարտած է զայն 1976-ին՝ ստանալով պսակաւոր արուեստի (Bachelor degree) վկայականը ճարտարապետական (Architecture) ճիւղէն ներս։  Ապա, ան շէնքերու սարքաւորման եւ շինութեան պատասխանատուի պաշտօններ սկսած է վարել գանատական ընկերութիւններու մօտ, որոնցմէ կարեւորագոյններէն են Bank of Montreal-ը, Birks հաստատութիւնը եւ Bombardier հանրածանօթ օդանաւային ընկերութիւնը:

Ան իր անձնական կեանքի շահերէն եւ յաջողութիւններէն վեր գերադասած է ազգային գործի յաջողութիւնը եւ մեծ եռանդով լծուած է իր ազգի վերելքին սատարող շարք մը աշխատանքներու: Այսպէս, 1983 թուականէն սկսեալ, ան մաս կազմած է Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Շինութեան յանձնախումբին, իր համեստ մասնակցութիւնը բերելով հայ դպրոցի եւ հայ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ հայ կեդրոնի բարեզարդման, վերանորոգման եւ շինարարական աշխատանքներուն:

1987-ին ամուսնացած է Լուսին Ժամկոչեանի հետ եւ բախտաւորուած է երկու դուստրերով՝ Լոռի եւ Նանոր, որոնք կը հանդիսանան իր կեանքին հիմնական առանցքը։

1989 թուականին, առաջին անգամ ըլլալով մաս կազմած է Ս.Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմին, միաժամանակ Շինութեան յանձնախումբի պատասխանատուութեան կողքին ստանձնելով ատենադպիրի, ապա՝ Կրթական Գործադիր Մարմնի, եւ դպրոցներու համազգեստներու հայթաթման յանձնառութիւնները:

Պարոն Արա Փալանճեան վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին քսաներեք տարի հոգաբարձական պաշտօններ վարած է հետեւեալ ատենապետներու շրջանին, պարոններ՝ Ժան Առաքելեանի, Գէորգ Օհանեանի, Վարուժան Սերոբեանի, Լեւոն Պէնկեանի, տոքթ.Մկրտիչ Տարագճեանի եւ Րաֆֆի Տօնապետեանի:

Թէեւ իր ազգային ծառայութեան առանցքը միշտ եղած են շինարարական աշխատանքներըր, սակայն ան երկու շրջան եղած է նաեւ փոխ-ատենապետ պարոններ՝ Լեւոն Պէնկեանի եւ Րաֆֆի Տօնապետեանի ատենապետութեան շրջաններուն: Վերջին 15 տարուան ընթացքին, ան չորս անգամ ընտրուած է նաեւ ազգային երեսփոխան:

Այժմ, պիտի յիշենք իր երեսնամեայ ծառայութեան աշխատանքներէն քաղուած քանի մը իրագործումներ:

-Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքներ,

-Ծաղկոցի նորոգութիւններ,

-Ս.Յակոբ Ազգային վարժարանի նորոգումներ,որոնց երկար շարքէն կարելի է առանձնացնել մարզարանի եւ թատերասրահի հիմնական նորոգութիւնները,

-Հայ Կեդրոնի ՀՄԸՄ Կամք Հայկ Մարգարեան մարզասրահին ծրագրաւորումը, ինչպէս նաեւ Հայ Կեդրոնի Արթօ Մարգարեան ճաշարանի նորոգութիւնները, որուն շինարարական աշխատանքներու աւարտէն քիչ անց, պարոն Փալանճեան հիւանդութեան պատճառով դադրած է իր պաշտօնէն:

Պարոն Փալանճեանի երազն էր եւ կը մնայ տակաւին մայր եկեղեցւոյ զանգակատան կառուցումը եւ ապա դպրոցին կից 75000 ք.ոտք ունեցող հողաշերտին գնումը, որ ըստ իրեն կրնայ ծառայել հայկական ծերանոց մը հիմնելու նպատակին:  Իր փափաքն է, որ  նորահաս հայ երիտասարդները ըլլան մեր եկեղեցական, կազմակերպական եւ կրթական կառոյցներուն իսկական պաշտպանները։

Այստեղ հարկ է նշել, որ պարոն Փալանճեան մեծ անձնուիրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ   վարած է իր բոլոր կամաւոր պաշտօնները։ Եւ երբե՛ք չէ սիրած ցուցամոլութիւնն ու սին երեւոյթները: Պարկեշտ, քաղցրաբարոյ, փայլուն իմացականութեամբ, հաստատակամ նկարագիրով օժտուած այս համեստ անձնաւորութիւնը պարգեւատրուած է Յովհան Մանդակունիի շքանշանով:

Պարոն Արա Փալանճեան մահացած է 22 Յուլիս, 2021-ին:  28 Յուլիս, 2021-ին անոր մարմինը պիտի ամփոփուի Մոնթրէալի Սէնթ Լորան գերեզմանատան մէջ:

Prestations de service